Փայլան պահանջատէր Սանասարեանի խնդիրով

Մշա­կոյ­թի եւ զբօ­սաշրջու­թեան Նա­խարա­րու­թիւնը ի վեր­ջոյ պա­տաս­խա­նեց Խորհրդա­րանի հա­յազ­գի պատ­գա­մաւոր Կա­րօ Փայ­լա­նի հայ ժո­ղովուրդի սե­փակա­նու­թիւնը հան­դի­սացող Սա­նասա­րեան Խա­նի մա­սին ուղղած հար­ցումնե­րուն։ Փայ­լան իր հար­ցագրին մէջ դի­տել տո­ւած էր, թէ տա­կաւին կը շա­րու­նա­կուի խա­նի սե­փակա­նու­թեան հա­մար մղո­ւած իրա­ւական պայ­քա­րը։ Այս պայ­մաննե­րու տակ խա­նի օգ­տա­գոր­ծումը աճուրդի մը մի­ջոցաւ եր­րորդ կող­մի մը փո­խան­ցե­լով օրի­նազան­ցութիւն մը կա­տարո­ւած է։

Նա­խարա­րու­թիւնը՝ որուն իրա­ւասու­թեան սահ­մաննե­րուն մէջ է նաեւ Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թիւնը օրի­նական զան­ցա­ռու­թիւն մը չէ տեսած այս աճուրդին հե­տեւան­քով, քա­նի որ դա­տարա­նին Պատ­րիար­քա­րանի ի նպաստ վճիռ մը կա­յաց­նե­լու դէպ­քին վարձքը ուղղա­կի պի­տի փո­խան­ցո­ւի իրեն։ Նշենք որ շատ եր­կար տա­րիներ անե­լի մատ­նուած այս կա­լուա­ծի հա­մար Պատ­րիար­քա­կան նախ­կին փո­խանորդ Արամ Արք. օրի­նական պայ­քար մղած էր, բայց միշտ եղած էին քա­ղաքա­կան մի­ջամ­տութիւններ, որոնց հե­տեւան­քով նոյ­նիսկ դրա­կան որո­շում կա­յաց­նող դա­տակազ­մը Վճռա­բեկ Ատեանէն եկած հա­կազ­դե­ցու­թեան դի­մաց ամ­բողջո­վին շրջած էր իր նախ­կին որո­շու­մը եւ այս ան­գամ հա­կառակ դիրք բռնած Պատ­րիար­քա­րանի հան­դէպ։

Խնդի­րը այժմ կը հե­տապնդո­ւի Պատ­րիար­քա­րանի իրա­ւապաշտպան Ալի Էլ­պէ­յօղ­լո­ւի գրա­սենեակին կողմէ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ